ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան, Քրիստին Արզումանեան եւ Ցոլեր Թալաթինեան, երեքշաբթի, 25 մայիսին այցելեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի հետ:
Պատուիրակութիւնը, կատարելէ ետք պատմական ակնարկ մը` տեղահանուած հայութեան ամերիկացի ժողովուրդին կողմէ տրամադրուած օժանդակութիւններուն եւ ապա Թուրքիոյ ազդեցութեան պատճառով ամերիկեան յաջորդական վարչակարգերու կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն խուսափումին, իր խոր գնահատանքը արտայայտեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման նկատմամբ` նշելով, որ ան իր այդ պատմական քայլով տէր կանգնեցաւ իր նախընտրական խոստումին ու իբրեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահ պատմութեան մէջ իր տեղը ապահովեց հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ իր նախորդին` նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի կողքին:
Դեսպան Տորըթի Շիա յայտնեց, որ Պայտընի քայլը կարեւոր որոշում մըն էր` ճշմարտութեան կողքին կանգնելու, եւ կը վկայէ Պայտընի վարչակազմի համար բարոյական արժէքներու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք` իբրեւ ամերիկացիներ, հպարտ կը զգան նախագահ Պայտընի քայլով եւ կը զօրակցին անոր:
Հանդիպումի ընթացքին Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը արծարծեց Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուն ու հայ-ազրպէյճանական տագնապին վերաբերող հարցեր:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը դեսպանին յայտնեց, որ հակառակ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան` Ազրպէյճան ոտնակոխ ընելով միջազգային շարք մը օրէնքներ ապօրինի ձեւով կը շարունակէ իր մօտ պատանդ պահել հայ պատերազմական գերիները` զանոնք ենթարկելով հոգեբանական եւ ֆիզիքական տանջանքներու: Հայ դատի մարմինը անբաւարար նկատեց միջազգային ընտանիքի արձագանգը աւելի քան 200 հայ գերիներու հարցին գծով` նկատել տալով, որ բռնապետներ միշտ անտարբեր կը մնան յայտարարութիւններու նկատմամբ, ուստի պէտք է աւելի ազդու քայլեր որդեգրել:
Լիբանանի Հայ դատի մարմինը յայտնեց, որ Ազրպէյճան, հայ պատերազմական գերիները դասելով իբրեւ «ահաբեկիչներ» եւ «վարձկաններ» կը փորձէ հայկական կողմը անհիմն կերպով ամբաստանել վարձկաններու օգտագործման յանցանքով, այսպիսով փորձելով մեղմել ու ծածկել արցախեան վերջին պատերազմին Թուրքիոյ անմիջական միջնորդութեամբ ծայրայեղական վարձկաններ ներգրաւելու արդէն իսկ բացայայտուած ու հաստատուած իր յանցանքը:
Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը նաեւ անդրադարձաւ Արցախի բռնագրաւեալ տարածքներուն մէջ պատմամշակութային կոթողներուն դէմ գործադրուած վանտալիզմին ու մշակութային ցեղասպանութեան` աւելցնելով, որ ըստ հաղորդուած տեղեկութեանց, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւեալ տարածքներուն մէջ «պատմաճարտարապետական յուշարձաններու վերականգնողական աշխատանքներ» ծրագրելու եւ կատարելու վերաբերեալ նախագահական մակարդակով քննարկումներու ծիրին մէջ յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի այցելէ Ազրպէյճան:
Հայ դատի մարմինը նշեց, որ թուրք-ազրպէյճանական այսպէս կոչուած «վերականգնողական աշխատանքներ»-ը լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն` նկատի ունենալով հայկական պատմամշակութային յուշարձաններու ոչնչացումի ու ձեւախեղման առումով երկու երկիրներու երկարամեայ ու շարունակուող քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ վերջերս արձանագրուած Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց ու Կանաչ ժամ եկեղեցիներու, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ Այա Սոֆիայի օրինակները:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը անդրադարձաւ Պայտընի վարչակազմին կողմէ վերջերս «Ազատութեան աջակցութեան օրէնքի»-ի 907-րդ յօդուածի առկախման հարցին: Նշեալ օրէնքը, որ հաստատուած էր արցախեան առաջին պատերազմին ընթացքին, կ՛արգիլէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ազրպէյճանին որեւէ ուղղակի օգնութիւն: Մարմինը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց ամերիկեան վարչակազմի այդ քայլին նկատմամբ` նշելով, որ անիկա սխալ պատգամ կը յղէ ռազմատենչ Ազրպէյճանին, որ զայն պիտի նկատէ իր կողմէ բռնի ուժի կիրարկման եւ արցախեան տարածքներու բռնագրաւման «վարձատրութիւն» մը: Հայ դատի մարմինը դիտել տուաւ, որ Պայտընի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը անոր վարչակարգը կը դնէ պարտաւորութեան տակ` սանձելու ցեղասպանական արարքներ գործող ժամանակակից վարչակարգերը:
Հայ դատի մարմինը 907-րդ յօդուածին առկախումը առաւել եւս վտանգաւոր նկատեց յատկապէս վերջին օրերուն ազրպէյճանական բանակին կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ ոտնձգութիւններուն ու Սիւնիքի եւ Գեղարքունիք մարզեր թափանցումին լոյսին տակ:
Դեսպան Շիա իր հասկացողութիւնը արտայայտեց Հայ դատի մարմինին արծարծած մտահոգութիւններուն նկատմամբ եւ խոստացաւ զանոնք փոխանցել Ուաշինկթըն:
Աւելի քան կէս ժամ տեւած հանդիպումի աւարտին ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին յանձնեց վերոնշեալ հարցերուն եւ անոնց նկատմամբ իր մտահոգութիւններուն վերաբերեալ համապարփակ նամակ մը` խնդրելով, որ զայն ուղարկէ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին: